2014-08-05 10:07:32

Կազա` 72 ժամուայ մարդասիրական զինադադարի յայտարարութիւն։


Երեքշաբթի 5 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 8-էն սկիզբ առաւ, 72 ժամ տեւողութեամբ մարդասիրական զինադադար` Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան դիմադրութեան միջեւ։ Մինչ այդ՝ Պաղեստինեան առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ առաւօտեան հաղորդեց, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին զոհերուն թիւը բարձրացած է 1857-ի, իսկ վիրաւորներունը` 9400-ի:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի կոչ ուղղեց Կազայի մէջ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի դպրոցներուն դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն շուրջ հետաքննութիւն կատարելու` աւելցնելով, որ ՄԱԿ-ի պատկանող կեդրոններուն մօտ պաղեստինցի զինեալներու ներկայութեան շուրջ կասկածները անմեղ քաղաքայիններու կեանքերը վտանգող յարձակումները չեն արդարացներ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի, սպայակոյտի եւ Շապաքի պետերուն հետ իր խորհրդակցութիւններէն ետք յայտնեց, որ փապուղիներուն դէմ աշխատանքը աւարտելէ ետք, իսրայէլեան բանակը պիտի շարունակէ գործել ըստ ապահովական պահանջներուն, մինչեւ զինուորական գործողութեան նպատակներու իրագործումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.